2013-08-09 10:18:42

Հաւատոյ Տարի` Հաւատքն Ու Ապաշխարութիւնը


Նախապէս տեսանք ինչպէս Յիսուս կը պահանջէ ապաշխարանքը բոլոր մարդոցմէ անխտիր «Ապաշխարեցէ՛ք, որովհետեւ երկնքի արքայութիւնը մօտեցած է», եւ կը յայտնէ նոյնիսկ սոսկալի հետեւանքը անոր որ չ՛ապաշխարեր. «Եթէ չապաշխարէք, ամէնքդ ալ պիտի կորսուիք», կ՛ըսէ Ան:
Քրիստոսի խօսքերը ծանր կը թուին մեզի, սակայն կը յայտնեն իրականութիւն մը որ կապուած է անքակտելիօրէն աւետարանի քարոզութեան եւ Աստուծոյ արքայութեան հռչակումին աշխարհի վրայ: Ապաշխարութիւնը, առաջին հանգրուանն է մարդկային մասնակցութեանը Աստուծոյ հաստատելիք արքայութեան: Ան ոչ միայն նախապայման է երկինք մուտքին այլ` ամենօրեայ մեր կեանքին ընկերացող ջանքն ու պարտականութիւնն է որ կ՛ընդելուզուի մեր վերելքին դէպի առաքինութեան կեանքը:
Ըսինք թէ բոլորս անխտիր հոգեւոր հիւանդներ ենք. հետեւաբար, պէտք ունինք հոգեւոր բժիշկներուն: Հիւանդներս ո՛չ միայն յարգանք եւ վստահութիւն ունենալու ենք բժշկին հանդէպ, այլ նաեւ մեծ հնազանդութիւն եւ հպատակութիւն: Առանց տատամսելու առնելու են անոր հրամայած ամենալեղի դեղերը: Ան թոյլատրելու է որ, եթէ հարկ ըլլայ, բժիշկը այրէ՛ կտրէ՛, կոտրէ անդամները: Մէկ խօսքով՝ հիւանդներս հնազանդելու ենք բժշկին ամէն պատուէրներուն: Միթէ կարելի՞ է որ մարդս չ՛ընէ իր հոգւոյն համար, ինչ որ կ՛ըսէ իր մարմնոյն համար: Աւա՜ղ, յաճախ փորձառութիւնը մեզի կ՛ուսուցանէ թէ մեղաւորներս չենք թոյլատրեր ամենափոքր ցաւ մը իսկ մեր հոգւոյն բժշկութեան համար: Ծոմապահութիւն մը, մահացուցում մը, ամէն ինչ մեզի անտանելի կ՛ըլլայ: Ո՛հ, եթէ գիտնայինք մեր հոգւոյն բուն արժէքը, որեւէ բան մը պիտի չխնայէինք զայն փրկելու համար, ամէն տառապանքները պիտի ընդունէինք քան թէ վտանգել մեր հոգւոյն փրկութիւնը: Մեր հիւանդութիւնը չի սահմանուիր ներկայով միայն, այլ ան կ՛երկարի նաեւ մինչեւ ապագան: Այսպէս մեր բժշկին տուած խրատին համեմատ, հոգեւոր հիւանդներս կը զրկուինք միսէ, ըմպելի խմիչքներէ, ծխախոտէ եւն: Ահա ասոր նման հնազանդութիւն պէտք է նաեւ մեր հոգեւոր առաջնորդին, մեր խոստովանահօր: Պէտք է որ անոր խրատին համեմատ, հրաժարինք քանի մը բաներէ, պէտք է որ մահացուցումներ ընենք, խուսափինք գէշ ընկերներէ, փախչինք եւ հեռանանք մեղքի առիթներէն: Մէկ խօսքով՝ ընենք անոր տուած խրատները, անոր հրամանները մեր հոգւոր յառաջդիմութեան համար:
Խոստովանահայրը ուրեմն միջնորդ մըն է, որ մէկ կողմէն, կը խաղաղէ, կ՛իջեցնէ Աստուծոյ բարկութիւնը, անոր ներկայացնելով իր սիրելի Որդւոյն արիւնը զոր կը բռնէ իր ձեռքերուն մէջ: Սուրբ զոհին միջոցաւ զոր կը մատուցանէ իր ապաշխարողներուն համար, ինչպէս նաեւ իր աղօթքներով զորս կը նուիրէ Աստուծոյ Հօր անոնց համար:
Միւս կողմէն ալ մեղաւորին կու տայ միջոցը այլեւս չվշտացնելու այսպիսի բարի Հայր մը: Անոր կու տայ նախապահեստ դեղեր ամէն տեսակ մեղքերու դէմ, անոր մատակարարելով խորհրդական շնորհքները, որոնք կը զօրացնեն զինք փորձութիւններու դէմ եւ անոր յաղթել կու տան սատանան, մարմինը եւ աշխարհը: Կը հայթայթէ նաեւ մեղաւորին՝ հատուցման միջոցներ իր անցեալ ապստամբութեան համար, այնպէս որ զայն ամբողջովին մոռցնել կու տայ. կը վերահաստատէ եւս յաւիտենական միութիւն մը եւ խաղաղութիւն մը որդւոյն եւ իր Հօրը միջեւ:
Արդարեւ, շատ դժբախտ եւ յանցաւոր պիտի ըլլայինք երկար ժամանակ կենալով Աստուծոյ ատելութեան եւ թշնամութեան տակ, երբ որ մեր հաւատքին եւ փրկութեան համար այնչափ զօրաւոր եւ բազմաթիւ միջնորդներ ունինք, Աստուծոյ սէրը վերստանալու եւ Աստուծոյ հետ հաշտուելու համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.